
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար
Տիար Մխիթար Հայրապետեանին
Յարգարժան Պրն. Հայրապետեան,
Հայաստնաի ներկայիս ապրած զարգացման եւ բարեփոխումներու այս նոր փուլին, ուր առաւել յուսալից դարձած է հայրենիքի պայծառ եւ լուսաւոր ապագայի կերտումը, յոյժ կարեւոր կը նկատուի երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը՝ հայրենիքի առաջընթցին:
Այս առումով ԵՌԱԿ-ը իր ողջ անդամութեան անունով սրտանց կը շնորհաւորէ եւ շատ ողջունելի եւ խրախուսիչ կը գտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարի պաշտօնին Ձեր նման երիտասարդ տարրի նշանակումը:
Այսօր տարբեր հարթակներէ յաճախ լսելի կը դառնայ այն ճշմարիտ միտքը, որ համազգային խնդիրներու լուծման, պետականութեան ամրապնդման եւ ազգի ու հայրենիքի հզօրացման գործին մէջ շատ կարեւոր է սփիւռքահայութեան ներուժի օգտագործումը, այս առումով մենք մեր բացարձակ զօրակցութիւնը եւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք Ձեր գլխաւորած նխարարութեան կողմէ հայրենիք-Սփիւռք միացեալ ջանքերով մշակուելիք ռազմավարութեան:
Համոզուած ըլլալով, որ դուք Ձեր եռանդով եւ թարմ ներուժով պիտի արդարացնէք սփիւռքի եւ համայն հայութեան ակնկալիքները, Ձեզ կը մաղթենք յաջող եւ նոր ձեռքբերումներով լեցուն պետական գործունէութիւն:
Ժողովուրդէն, Ժողովուրդով, Ժողովուրդին համար:
ԵՌԱԿ
Գործադիր Վարչութիւն