
Միրաքի Կիրակին՝ Մէյրի Սահակեանի հետ

11 Յունիս 2017-ին, Թէքէեան Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Միրաքի հանդիպումը հեքիաթագիր Մէյրի Սահակեանի հետ։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Աւստրալիայէն Ընկ. Հայկ Լէփէճեանն ու Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը:
Միրաքի պատսխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը «Միրաք»ականներուն ծանօթացնելէ ետք հեքիաթագիրին, խօսքը փոխանցեց հիւրին: Մէյրի Սահակեանը խօսեցաւ հեքիաթի, հեքիաթագրութեան եւ անոր հանդէպ իր ունեցած մեծ հետաքրքրութեան մասին, որ ձեւաւորուած է մանկութենէն : Ան «Միրաք»ականներուն համար կարդաց իր հեքիաթներէն երկուքը, իւրաքանչիւրի համար իւրովի մեկնաբանութիւններ տալով եւ խորհուրդներ դուրս բերելով։ «Միրաք»ի անդամները հնարաւորութիւն ունեցան հեքիաթագիրին իրենց հետաքրքրող բոլոր հարցումները տալ։
Մէյրի Սահակեանի հեքիաթները խրատական են, ինչպէս պատմեց ան, իր ամենամեծ քննադատը իր դուստրն է՝ Լիլիթը, ոգեշնչուած է Թումանեանէն։ Ան կը գտնէ, որ ինք աւելի շատ երեւակայական աշխարհի մէջ կ’ապրի, քան իրական: Ան իր հողորդական ոճով յաջողեցաւ «Միրաք»ականնեուն ալ պահ մը տեղափոխել այդ աշխարհ:
Մէյրի Սահակեան նաեւ ծանօթացաւ «Միրաք» ի գործունէութեան եւ խօստացաւ յաճախակի այցելել։