
Միրաքականները Թալին Պապայեանի Հետ

Կիրակի, 18 Յունիս 2017-ի, Միրաք պատանեկան-ուսանողական շարժման անդամները այցելեցին Միրաքի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի տպարանը։
Այս այցելութեան Միրաքին միացան նաեւ ամերիկահայ լրագրողուհի Թալին Պապայեանն ու Ժիրայր Խորոզեանը, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ունէին Միրաքի անդամներուն եւ գործունէութեան մօտէն ծանօթանալու. անոնք իրենց հետ հիւրասիրութիւն բերած էին պատանիներուն: Միրաքականները մեծ հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով դիտեցին ու ծանօթացան տպարանի գործիքներուն եւ յստակ գաղափար կազմեցին հագուստի տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն մասին։
Անոնք տպագրութեան գործնական փորձ կատարեցին եւ կերպասներւ վրայ տպեցին Միրաքի զինանշանը:
Թալին Պապայեան, որ Հայաստան եկած է Արցախի մասին տեսանիւթ պատրաստելու յատուկ առաքելութեամբ, Միրաքի անդամներուն հետ առանձին զրոյցներ վարեց, ծանօթանալով անոնց հետաքրքրութիւններուն, փափաքներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մասին ունեցած տպաւորութեան:
Երիտասարդերուն համար հետաքրքիր էր հեռաւոր Ամերիկայէն հասած սփիւռքահայ աղջկան՝ արդէն Միրաքի բարեկամ՝ Թալին Պապայեանի Արցախի մասին ֆիլմ պատրաստելու շահաքրքրուածութիւնը:
Հաճելի օրը աւարտեցաւ մտերմիկ զրոյցով եւ դարձեալ հանդիպելու խոստումով: