
ԵՌԱԿ (Երիտասարդական ՌԱԿ) Խորհուրդի 23-24 Մայիսի Համագումարէն Բխած Զեկոյց՝ ՌԱԿ-Ի 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին

Սոյն գիրով կու գանք տեղեկացնելու, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի ծիրէն ներս 23-24 Մայիսին նախատեսուած երիտասարդ ռամկավարներու (Այսույետ՝ պաշտօնապէս՝ ԵՌԱԿ-ի) հաւաք-սեմինարը յաջողութեամբ աւարտած է՝ առժամեայ (միամեայ շրջանի) վարչական կազմի առաջացումով եւ ԵՌԱԿ-ի առաջնահերթութիւններու, վարչական կառոյցի եւ գործունէութեան սահմանումով:
Այսպիսով, ԵՌԱԿ-ի հիմնադիր, անդրանիկ նիստը հաստատած է հետեւեալ ԵՌԱԿ-ի բանաձեւը՝
• ԵՌԱԿ-ը կը հանդիսանայ ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ երիտասարդներու, ինչպէս նաեւ ազատական գաղափարախօսութեան համակիր հայ երիտասարդներու ցանց մը:
• ԵՌԱԿ համախմբումի հիմնական նպատակն է ռամկավարական սկզբունքներով եւ ազատական տեսլականով առաջնորդուիլ եւ գործօն դերակատարութիւն ունենալ ազգային եւ կուսակցական հիմնախնդիրներու լուծման մէջ:
• ԵՌԱԿ-ը երիտասարդներու միաւորում-խմբակցութիւն մըն է, որու գործունէութեան եւ ծրագիրներու իրականացման ակունքը եւ կեդրոնը կը հանդիսանան համայն հայութեան հայրենիք եւ բնօրրան հանդիսացող Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը:
• ԵՌԱԿ-ի մէջ կ’ընդգրկուին 18-40 տարեկան ՌԱԿ-ի անդամներ, ինչպէս նաեւ նոյն գաղափարին յարող հայ երիտասարադներ:
• ԵՌԱԿ-ի վրաչական խորհուրդին մաս կրնան կազմել միայն կուսակցան ընկերները, որոնք կը գումարեն նաեւ իրենց առանձին ժողովը, իսկ համակիրները իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել ԵՌԱԿ-ի կազմակերպած տարեկան ծրագիրներուն:
• ԵՌԱԿ-ի վարչական խորհուրդը կ’ընդգրկէ ՌԱԿ-ի իւրաքաչիւր շրջանակէն մէկ կամ աւելի ներկյացուցիչներ:
• ԵՌԱԿ-ը իր ներկայացուցիչը կ’ունենայ կեդրոնական վարչութեան մէջ:
ԵՌԱԿ-ի օրինականացումը :
• ԵՌԱԿ-ը, որպէս երիտասարդական շարժում (ՀՀ օրէնսդրութեան մէջ այս մասին եղած օրէնքին պատշաճելով) պետական գրանցում պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, որդեգրելով (ՌԱԿ-ի կանոնագրին համահունչ) իր առանձին ծրագիրն ու կանոնագիրը:
• ԵՌԱԿ-ը Հայաստանի մէջ պիտի ունենայ իր ներկայութիւնը եւ գործունէութիւնը:
• ԵՌԱԿ-ը պիտի ունենայ իր տարեկան ծրագիրը եւ ընդհանուր ժողովը:
ԵՌԱԿ-ի Պիւտճէն :
• ԵՌԱԿ-ը իր գործունէութեան ծաւալման անհրաժեշտ ծախսերու նիւթական հայթայթման համար պիտի ապաւինի ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան եւ շրջանակներու նուիրատուութիւններուն: (անհրաժեշտութեան պարագային, ան իր միջոցներով պիտի նախաձեռնէ եկամուտ ապահովելու գործը):
ԵՌԱԿ-ի Առժամեայ վարչութիւնը:
Յառաջիկայ գործունէութիւնը ծաւալելու նպատակով, ԵՌԱԿ-ի հիմնադիր ժողովը ընտրեց առժամեայ (միամեայ գործունէութեամբ) վարչական կազմը:
Ժողովի որոշումով, առժամեայ վարչութիւնը յառաջիկայ 6 ամիսներուն ընթացքին կապ պիտի հաստատէ եւ իր մէջ ընդգրկէ ՌԱԿ-ի մնացեալ (համագումարին մաս չկազմող) շրջանակներէն երիտասարդ ներկայացուցիչներ, համալրելով եւ ամբողջացնելով վարչական կազմի գոյացումը:
Հիմնադիր ժողովի կողմէ առժամեայ վարչութեան յաձնարարուած պարտականութիւններն են՝
• Ծրագիր կանոնագրի մշակում-ստեղծումը :
• Տարեկան ծրագիր մշակելը:
• Արցախի օժանդակութեան համար հարթակներ ստեղծելը:
• Քարոզչական աշխատանքներ ծաւալելը:
• ԵՌԱԿ-ի անունով՝ կայքէջ, ել-նամակ եւ ընկերային ցանցերու վրայ հաշիւներու ստեղծումն ու անոնց թարմացումը:
• Առցանց կուսակցական գրադարնի ստեղծումը եւ կուսակցական գրականութեան թուայնացումով զբաղուիլը:
• Արտաքին յարաբերութիւններ մշակելու ծրագիրներ սերտելը: