
ՏԵՍԼԱԿԱՆ
ԵՌԱԿ-ը կը հաւատայ ամուր Հայաստանին՝ բոլոր հայերու հայրենիքին։
ԵՌԱԿ-ը կը ձգտի հասնիլ այն Հայաստանին, ուր հաւասարութիւնը, արդարութիւնն ու բարեկեցութիւնը համընդհանուր չափանիշներ են, ուր երիտասարդները կ՝ապրին հաստատուն միջավայրի մէջ` արտադրական լայն հնարաւորութիւններով օժտուած, եւ մաս կը կազմեն կրթուած, միացեալ եւ հանդուրժող հասարակութեան:
- ԵՌԱԿ-ը իւրաքանչիւր տարի կը կազմակերպէ մշակութային, կրթական եւ տեղեկատուական ձեռնարկներ, որոնց նպատակն է համախմբել երիտասարդութիւնը, բաժնեկցիլ ճիշդ գիտելիքներ եւ արժէքներ, որոնք պիտի ապահովեն կայուն ազգային աճ:
- ԵՌԱԿ-ը իր առցանց աշխուժութիւնը կ՝ապահովէ թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ թէ՛ Սփիւռքի համայնքներուն միջեւ՝ տարածելով հաւաստի տեղեկատուութիւն եւ նպաստելով հայ երիտասարդութեան առաջընթացին:
- ԵՌԱԿ-ը բաց է բոլոր այն հայ երիտասարդներուն համար, որոնք պատրաստ են նպաստելու հայկական մշակութային, կրթական եւ հասարակական հարցերու լուծման: ԵՌԱԿ-ը կը նպաստէ երկխօսութեան, առաջարկներ կ՝ընէ եւ բարձր կը գնահատէ համագործակցութիւնը, խմբային աշխատանքը եւ հաւաքական յաջողութիւնները։
- ԵՌԱԿ-ի աշխարհայեացը դուրս է աւանդական սահմաններէն, այստեղ կը խրախուսուի գործընկերութեան հանրայնացումը եւ խմբային աշխատանքը երիտասարդներու ծիրին մէջ:
- ԵՌԱԿ-ը կը գործէ ստեղծագործական մօտեցումով եւ համապատասխան գիտելիքներով, որպէսզի կառուցէ երիտասարդական խումբեր, որոնք պիտի ապահովեն հայերու շահերը:
Դառնալ շարժիչ ուժ հայ երիտասարդներու համար։
ԵՌԱԿ-Ի ՆՊԱՏԱԿՆ Է ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄ ՈՒՆԵՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ, ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ